Համայնքային Քարտէզագրում
Արաքս թաղէն սկսինք։ Անկիւնը ունինք Արզօն, որ souvernirներու խանութ է։ Արզօն երկու յարկանի խանութ մըն է, որ հին տունի մը մէջ կը գործէ։ Վարի յարկը պզտիկ է բաղդատաբար վերի յարկին։ Վերի յարկ ելլելու համար պէտք է քովի շէնքի մուտքէն մտնես։ Արզոյենք երկու եղբայր երկու Հայաստանցի մօրաքրոջ աղջիկներ առած են եւ անոնցմէ մէկուն կինը, Լուսինը, պարի եւ ճիմնասթիքի ուսուցչուհի է։ Բաւական ընկերային անձնաւորութիւն մըն է, լայն ժպիտով։ Մեսրոպեան վարժարան, Ս Խաչ Հարպոյեան վարժարան եւ Dance Factory by Mike Poladian ճիմնասթիք կը դասաւանդէ 4-էն 10 տարեկաններու։ Քովը զարդեղէնի խանութ կայ։ հագուստի եւ կօշիկի խանութներ կան։ Անոր քով ժամացոյցի խանութ։ Քիչ մը անդին Ֆէլէֆիլ Արաքս։ Ատոր քով Արաքս Սենդրոմ, առաջ Արաքս Բլազա, ատկէ առաջ Սինեմա եղած է։ Մուտքը թաղէն քիչ մը բարձր է, քանի մը աստիճան կը բարձրանաս։ Ներսը բաժանումներ ունի, ուր իւրաքանչիւր բաժանում իր ապրանքները շարած է։ Մէջտեղի աստիճան կայ, եւ երկրորդ յարկ մըն ալ կ՚ելլես։ Դեղին եւ մանիշակագոյն գոյներով է ցուցատախտակը։ Ատոր քովը մուճակի եւ կօշիկի խանութ։ Ատոր քով Քրոշէ Սարոյին խանութնեէն մէկը, որ տարիներ առաջ կը գործածուէր իբրեւ տէբօ։ Յետոյ շատ պզտլիկ խանութի մը մէջ ոսկերիչ։ Յետոյ Աբօ Մօտա եւ անոր քով դեղարան Գեղարդ Այս խանութներուն առջեւի մայթը վերջերս լայնցած է, եւ այս պատճառով ալ Սարոյին քովի խանութին առջեւ, երբ առաջ գոց էր, դուրսը, ծեր մարդ մը պզտիկ կարգ մը կը դնէր եւ առջեւը կը նստէր։ Բնաւ չեմ յիշեր ինչ կը ծախէր։Տպաւորութիւնս այն է, որ թելերով բանըր մը կը ծախէր։ Երբ մայթերը շինուեցան, մարդը թաղին ծայրը գնաց, բայց օր մըն ալ դադրեցաւ հոն ըլլալէ։ Դեղարանին մարդն ալ հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն էր՝ երկուքը աւելի ճիշդ։ Գրիգոր Գրաճեան եւ եղբայրը։ Դեղագործը Գրիգորն էր։ Միջահասակ նիհար մարդ մը, որ նաեւ գրող էր։ Իսկ եղբայրը, անունը մոռցայ հիմա, աւելի յաղթանդամ, կարդացող էր։ Գրիգորին գիրքերէն ունինք։ Գրիգորին աղջիկը Հայկազեան դասարանս եղած էր, բայց այս տեղեկութիւնը, որ ինքը Գրիգորին աղջիկն է, նոր գիտցայ, այդ ալ դիմատետրէն։ Իսկ միւս աղջիկը, ան ալ դեղագործ էր եթէ չեմ սխալիր։ Հայկազեանի օրերուս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին համար խումբ մը աշակերտներ, չեմ գիտեր ինչու եւ ինչպէս ընտրուած, նաեւ չեմ ալ յիշեր որու կողմէն ընտրուած, Պուրճ Համուտի թաղերը դարձանք եւ քանի մը խանութներու հետ հարցազրոյց ըրինք Պուրճ Համուտը բարելաւելու համար։ Ես կը յիշեմ, որ այս դեղարանը մտայ եւ դեղագործ Գրիգորին հետ հարցազրոյց ըրի։ Շատ խիստ եւ կեանքէն դառնացածի տպաւորութիւն տուաւ։ Շատ դժգոհ էր առաւելաբար Պուրճ Համուտի նպառավաճառներուն եւ բանջարանոցներուն (խտրաճի)՝ մայթերուն վրայ ապրանք դնելուն համար։ Դեղագործին թաղին մէջ Ժանօ Սաք խանութը կայ։ Ժանօ Սաքը ընտանեկան գործ մըն է, եւ տէրը հռչակաւոր Ճոնի Պոյն է, որ ամէն օր Վանայ Ձայնի յայտագիրներու կը մասնակցէր եւ Հուրի Փաթազեանին հետ կատակներ եւ համովիկ խօսակցութիւններ կ՚ունենար։ Ժանոյին տղոցմէ մէկը Ռազմիկ Թոքաճեանն է։ Հիմա Արագած շրջանի կոմիտէ է։ Ռազմիկը անցեալ օր ըսաւ, որ պապաս թերթ ցրուել կանգնելէ ետք (շուրջ 2 տարի) Ազդակ չէ հասած իրենց խանութը։ Ըսաւ ամէն օր Ազդակ կու գար իրեն մինչեւ երկու տարի առաջ եւ երբ հեռաձայներ է Հրայր Ֆերմանեանին գանգատելու, Հրայրը ականջ չէ կախած։ Ռազմիկին խոստացայ հետապնդել հարցը։ Երբ Հրայրին հարցուցի, ան ալ ուրիշ պատմութիւն պատմեց ինծի՝ ըսելով, որ Ռազմիկին եղբայրը հեռաձայներ է քիլոյով թերթ ուզելու։ Երբ Ռազմիկին փոխանցեցի Հրայրին ըսածը, ժպտաց եւ ըսաւ, որ Հրայրը իրենց հեռաձայներ է հարցնելու համար եթէ կ՚ուզեն Ազդակէն քիլոյով թուղթ գնել։ Յետոյ ալ ըսաւ մենք այդ թուղթերը պայուսակներուն մէջ կը լեցնենք, բայց Հրայրը մեզի բացառիկին մասին ըսաւ, եւ բացառիկին թուղթերը հաստ են։ իսկ երբ յիշեցուցի, Ազդակ թերթին ամէն օր ստանալուն մասին ըսաւ Ռազմիկը որ հոգ չէ, ինք կը հետապնթէ։ Ժանօ Սագէն քիչ մը անդին Էլիոն կայ, կոճակի խանութ։ Կոկիկ երկար նեղ խանութ մըն է, որ ատենը մէյ մը ճամբան անոր ուր ըլլլալուն մասին կը հարցնեն օտարները։ Քիչ մը աւելի անդին Պուրտա ծախող մը կայ, հիմա չկայ։ Առաջ մամայիս եւ մօրքուրիս հետ շաբաթը մէկ անգամ այդ խանութը կ՚այցելէինք։ Մամաս եւ մօրքուրս նախքան պուրտան գնելը աղուոր մը կը թերթատէին զայն եւ մարդը՝ գանգուր մազերով, ժպտերես մարդ մը, կ՚արտօնէր։ Այս արարողութեան իմ հետաքրքրութիւնս կ՚երթար խանութին մուտքէն աջ ցուցաբեղկին վրայի 90-ական թուականներու երգիչներու եւ մօտըլներու կիսամերկ նկարներուն եւ Մայքլ Ճէքսոնին նկարին։ Խանութին մուտքին, ձախ կողմը աստիճան կար, յաճախ հոն կը նստէի եւ կամ ալ մէջտեղի մեծ ապակեայ սեղանին շուրջ կը դառնայի։ Հիմա չկայ այս խանութը։