Ծրագիրին մասին
ՎԱԶՐԻԿը գիտաերեւակայական գծագրավէպ մըն է՝ սկիզբ առած 2020 թուականին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան՝ Լիբանանահայ երիտասարդներուն ուղղուած «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ի ծիրին մէջ։ Մեր ծրագիրին դիմումը յաջողեցաւ անցնիլ մրցոյթին երկու հանգրուանները եւ ստացաւ նպաստ մը։
Այս ծրագիրին վրայ աշխատող երիտասարդներու խումբը պէտք էր կարենար վերջին երկու տարուան տիրող ծանր պայմաններուն մէջէն թիավարել նախքան ծրագիրը իրականացնելը։ Լուցկի Գոլէքթիվը արուեստագէտներու, ճարտարապետներու եւ մարդաբաններու փոքր խումբ մըն է, որ կ՚աշխատի կառուցողական պատումի մը շուրջ՝ ներշնչուած լիբանանահայ գաղութէն։ Գոլէքթիվը նպատակ ունի քաջալերել ստեղծարար անձեր, որպէսզի ստեղծագործեն՝ կառուցելու համար մշակութային ցանց մը, որ թէ՛ կ՚արտացոլայ եւ թէ կ՚իւրացնէ Լիբանանահայ համայնքի ներկայ հասկացողութիւնը։
Առ այդ, ծրագիրը կեանքի բերելու համար, Սերժը իր ծառաստանին տակէն յայտնաբերուեցաւ, որպէսզի Վազրիկին պատմութիւնը թարգմանէ իր հարուստ գծապատկերներով, տաղանդով եւ տեսլականով, որոնց կրնաք աւելի ծանօթանալ իր @metaphormosisman ԵուԹիուպի հաշիւին մէջ։ Արազը ծրագիրին արմատները խրեց համայնքին խորքերը, ուր կը գտնուի համայնքին ներկայ վիճակին պատշաճ պատկերը։ Իր միտքերը կը սաւառնին թուային աշխարհին մէջ՝ առաւելաբար arazorya.wordpress.com եւ yerteveg.wordpress.com ցանցատետրերուն միջոցով։ Վարագը ծրագիրին հետ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իր տարածաստեղծման քաոսին ընդմէջէն, երբ տակաւին ծրագիրը կը կազմաւորուէր, ու այն օրէն ի վեր կը հոգայ եւ քնքուշութեամբ ճիշդ ուղիի վրայ կը դնէ զայն։ Վարագը ընդհանրապէս անգտանելի է։ Եւ այս բոլորը իրականացաւ, որովհետեւ Շողակը չափազանց խանդավառութեամբ կեդրոնացաւ տարածակառուցման վրայ՝ իբրեւ զուտ հայեցակարգ, եւ այնքան երկար խոկաց ծրագիրին մասին, որ ի վերջոյ կեանքի եկաւ այդ՝ իր կատարած ընդարձակ ընթերցանութիւններուն օժանդակութեամբ, գիրուկ ու մազուտ էակի մը հոգատարութեան ընդմիջումներուն եւ բոյսեր ցանելու պահերուն միջեւ։ Զինք առցանց կրնաք գտնել Սիլկոնտ ծածկանունին տակ։ Վազրիկի կերպարանքը կը պարտինք նաեւ Կիրոյին խանդավառ օժանդակութեան։ Յատուկ շնորհակալութիւն Գարամուշին, որ դուրս եկաւ իր շքեղ կտաւներուն ընդմէջէն եւ օգտակար դարձաւ այս ծրագիրին մշակման. անոր եթերային ալիքները կրնաք վայելել www.karamoush.com կայքին եւ Ինսթակրամի Karamoush_art էջին ընդմէջէն։ Վերջապէս, ծրագիրին ներկայացումը իր հունին մտաւ շնորհիւ Շանթին, որ պահուըտած է համացանցի ծալքերուն մէջ եւ գործ կը տեսնէ idoweb.me հասցէով։