Դաշտային Օրագիր

Կարոն մանկութիւն պատանեկութիւն Արագած անցուցած է։ Միջահասակ, քիչ մը փորիկով, կռնակը միշտ tote bag-ակական կտորէ պայուսակ մը, որ աւելի շատ կախարդի գլխարկի կը նմանի քանի ամէն անգամ ալ գիրք մը կը հանէ մէջէն կարծես գլխարկէն նապաստակ մը հանած ըլլայ։ Բարձր ձայներէ կը նեղանայ՝ մանաւանդ դուռին զօրաւոր գոցուիլէն։ Մեր տունը գանէ եւ վարի երկաթէ դուռը գոցուցինէ տեղէն կը ցնցուի եւ կը զարմանայ, որ մեզի նեղութիւն չի տար ատիկա։ Մինչ այդ մենք չենք լսեր այլեւս քանի որ ինչ ընենք, աս է իրավիճակը, որ կարգ մը դրացիներ այդպէս կը գոցեն դուռը։ Բայց կարօն միշտ ալ ըսելիք ունի դուռին ձայնին համար։ Օր մը պատմեց, որ իր դրացիներուն հետ կռիւ ըրեր է ատոր համար։ Իր կեանքը պատմելէն ետք ես ենթադրեցի որ կրնայ ըլլալ ռումբի պայթումի հետեւանքով այդպէս կը զգայ, բայց օր մըն ալ ըսաւ, որ ականջին մէջ զնգոց մը կայ։
Կարոյին առաջարկեցի Արագածի մէջ քալել եւ ինքը ինծի ցոյց տայ իր մանկութեան յուշերը։ Հեռաձայնեց, որ Պուրճ Համուտ է եւ կրնայ սուրճ մը խմել։ Կարոյին համար սուրճը կարեւոր addition մըն է մեր տեսակցութիւններուն, թէեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն չի խմեր, քանի որ ջղաքրքիր կ՚ընէ ատի իրեն ըսաւ։

Կարոյին հանդէպ հետաքրքրութիւնս սկսաւ իր դիմատետրի գործունէութենէն։ Մամայիս տիկին Կիւլէն ըսելով կը խօսի, եւ խորքին մէջ, Կարոն (50 տարեկան ըլլալու է) եւ մամաս (70ի մօտ) իրար facebook-էն գտած են, երբ ես գոցած էի facebook-ս եւ ընկերութիւն մը սկսած էր իրենց միջեւ based on mutual հետաքրքրութիւնները գիրքերու։ Ըսեմ, որ Կարոն բոլորին հետ ալ ասանկ է՝ այսինքն ընկերային եւ միղտ ըսելիք եւ պատմելիք ունի։ Ուրկէ կը բերէ միայն ինքը գիտէ։ Բոլորին համար ալ հաճելի էր իր պատմութիւնները լսել քանի որ պատմելու յատուկ ձիռք ունի։ Պապաս ալ կը սիրէ մտիկ ընել իրեն՝ մանաւանդ որ տունէն իջած չունի, ատոր համար միշտ կ՚ըսեմ եկուր մեզի երբ որ կ՚ուզես, ասոր համար ալ միշտ հեռաձայն կ՚ընէ որ ՊՀ եմ, սուրճ խմենք։

Ըսի խմենք, տեսնուեցանք ՊՀի սկիզբը եւ սկսանք քալել լայն պողոտայէն, որ գետին զուգահեռ է եւ որուն պատերուն վրայ Լենա անունով լիբանանահայ mosaic ընող արուեստագէտ մը զարդարած է։ Քալեցինք եւ Կարոն խօսեցաւ, ես ալ վիտէօ ըրի։ Ես չէի գիտեր, որ Գարակէզօեանէն դէպի գետ տանող ճամբուն հոն Սինեմա կայ։ Սինեմա Մեթրօ 1930-ականներուն։ Տակաւին գոյութիւն ունի շէնքը։ Երկյարկանի շէնք մըն է, վարդագոյն, սրճագոյն պատերով եւ առանց դուռ պատուհանի։ Ներսը բոլորին աղբանոցի վերածուած եւ շէնքը կը գործածուի ծանուցումներու լաթեր կախելու համար։ Դիմացը օդոյի նորոգութեան կարաժներ կան։ Կայ նաեւ ատոր քով գունաւոր շէնք մը որ սինեմա էր նորէն, աքրոբոլիս։ Ասիկա Սինեմա Ռոյալին ալ մօտ է։ Կարոն ըսաւ, որ 13 հատ սինեմա եղած է ՊՀի մէջ։ Ամէնէն մեծը ՝սինեմա գերմանիկը, որ Մարաշցիները շինած են՝ 2000 աթոռներով, Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծը՝ ըստ տէրունեանին։Յետոյ ընտանիքի մը տուած էր «Անթիպաս» անունով, եւ յետոյ 80ականներուն ետ ստանձնեց Մարաշցիները։ Վերջերս քանդեցին եւ միութեան վաճառակական շուկայ եղաւ։ 
Ապրոյեաններուն մասին ալ խօսեցաւ, Ապրօ Ապրոյեան, Միջին Արեւելքի մէջ հռչակաւոր ճերմակեղէններու ֆապրիք էր եւ հոսկէ կ՚արտադրուէին, մէկ հատ յայտագիր մը կար լիբանանեան՝ «մին եաում լա եաում» անունով սկիզբը ասիկա կը ցուցադրուէր։ Ապրոյ Ապրոյեանը մեծահարուստ մըն էր եւ Ալէի մէջ վիլլա ունէր։ Մինչեւ օրս իր անունով Վիլլա կայ Ալէ եւ յայտնի դերասան մը կայ անոր նուիրուած է։ Սինեմա Ռոյալը քովն էր եւ հռչակաւոր էր հնդկական ֆիլմերով։Գերմանիկին քովը Սեւան կար, որ հռչակաւոր էր Քարաթէի ֆիլմերով։ Սինեմա երեւան, Սինեմա Լիւքս, սինեմա Քնար։ Ասոնք բոլոր ՊՀի մէջ եղած են։ Սինեմա Մատոնա։ Սինեմա Սանդրալ։

Կարոյին հետ քալեցին մեր տունին ետեւէն Տոնուզ Լուք շրջանը (թրքերէնով խոզի պարտէզ կը նշանակէ), խոզ կը մեծցնեն։ հիմա կամուրջ կ՚անցնի քովէն։ Ատոր քովի կողմը շոգեկառքի գիծը տակաւին կ՚երեւի։ Եթէ առանձին երթայի հաւանաբար կորսուէի։ Ի դէպ ըսեմ, որ օր մը, քանի մը ամիս առաջ, երբ lockdown եւալյն կ՚ըլլար, մէկ անգամ Հաճ գացի, Հաճը քանի մը եղբայրներով բացուած նպառավաճառի խանութ է hajko անունով որ յարմար գինով ուտեստեղէններ կը ծախէ եւ շրջաննինները կ՚օգտուին բնականաբար, թէեւ ատ ալ շատ չի մնաց այլեւս հիմա որ տոլարը կ՚ելլէ կ՚իջնէ։ Ուրեմն երբ հաճ գացի եւ գոց էր, փոխանակ նոյն թաղէն վերադառնալու, քովի թաղէն մտայ եւ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ այդ շոգեկառքի գիծին շրջանը։

Կարօն պատմեց, որ բեբսիի կափարիչ կը դնէին գիծին վրայ եւ շոգեկառքը վրայէն կ՚անցնէր կը տափակցնէր, կ՚ուրախանայինք։

Եուսուֆին պզտիկ սրճարանը  MAster Mall–ին մուտքերէն մէկուն դիմացն է։ Սենդր Ալիշանին տակ։ Ալիշան Սենդըրին մէջ ոսկերիչներ կան։ Առաջ ալ Ռատիօ կայան մը կար, բարատա՞յզ արդեօք։ 90-ականներուն մէջ, Մաթիլտա անունով խոսնակուհի մը կար, որ ժամը 6-էն ետք Սարմէնին հետ ATN-էն կ՚ելլէր եւ ատկէ առաջ ալ Ռատիոյէն կը խօսէր, պզտիկներու յայտագիր կու տար։ Եուսուֆը դերասան է նաեւ, Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբի դերասան, որ Խտշեանին եւ ուրիշ բեմադրիչներու հետ աշխատած է։ Երբ թատրոնի մարդոց հետ կ՚ըլլայ Եուսուֆը եռանդուն է եւ կատակասէր։ Կարճահասակ մարդ մըն է, քիչ մը գիրուկ։ Ճերմակ մազերով։ Խիստ դէմք ունի եւ կոպերը գրէթ գոց։ Ատոր համար կարծեմ խիստ ըլլալու տպաւորութիւն կու տայ։ Բայց երբ այր մթնոլորտին մէջը չէ, իսկապէս դժգոհ է։ Վերջերս դժգոհ է աւելի շատ։ Քանի մը անգամ գացի եւ նստայ հոն ընկերներու հետ։ Երբ Կարօ Տէրունեանին հետ նստայ, ուրախ էր Եուսուֆը։ Մասնակցեցաւ մեր խօսակցութեան։ Անշուշտ իրեն ըսինք որ քովդ եկանք նստելու, եկուր միացիր, թէ ոչ պիտի չմիանար մեզի։ Իսկ երբ այլ երիտասարդի մը հետ գացի, խոժոր էր եւ գանգատ ունէր շատ։ Անշուշտ չմոռնանք, որ այն ատենները ելեկտրականութեան տագնապը շատ աւելի թէժ էր եւ բնական էր, որ մարդ արարածը տխուր ըլլար։ Եուսուֆին բուն անունը Յովսէփ Գաբլանեան է։ Իսկ ինչո՞ւ եուսուֆ կ՚ըսեն։ Ուրեմն, քանի որ թատերախումբի օրերուն երեք հատ Յովսէփ եղած է։ Բեմադրիչը իւրաքանչիւրին ածական մը տուած է։ Գափլանեան Յովսէփին ինկած է Յովսէփին արաբերէն տարբերակը՝ Եուսուֆը։

Կանգարին մէջ հաւաքուեցանք քանի մը հոգի Նժդեհին պայպայ ըսելու։ Հայաստան պիտի երթայ։ Թէեւ քորոնան գլուխը առած գացած է, բայց կարծեմ ամէն մարդ կամ քորոնայ եղաւ, կամ պատուաստը եղաւ։ Սեղանին շուրջ՝ Մարտիկ Տէմիրճեանը, թատերախումբին տարիներու ատենապետը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, Փաթիլ Գուլաճեանը, Յակոբ Մարկարոսեանը, որուն Մարտիկը թատրոն Յակոբ կը կանչէ, Զաւէն Պաաքլինին՝ իր նորոյթ գլխարկով եւ կաշիէ Ֆէյս մասքով, կարծես Զորոն ըլլար, Զաւէնին աղջիկը՝ Նաթալին եւ ամուսինը, նոր պսակուած էին, եւ ատոր համար ալ կենացներուն մէջ մեծ բաժին ունէին, Նժդեհը բնականաբար, Խաչկ Հրակ Տէմիրճեանի, Մարտիկին տղան, Ժանօն եւ Եուսուֆը… Մարտիկը, Զաւէնը եւ Եուսուֆը մէկական կերպարներ արդէն երեկոն խանդավարած էին իրենց կատակներով եւ հին պատմութիւններով, ներքին կատակներով։ Մարտիկին համար այս հաւաքը առիթ էր մեզի իր ծրագիրներուն մասին խօսելու, որ կարծեմ համոզուած է, որ ճաշասեղանին շուրջ աւելի հետաքրքրական կ՚ընկալուի։ Թատրոն Յակոբը յանձն առած է խմիչքի բաժինը, Ժանոն՝ միսերուն։