Հարցազրոյցներու Ամփոփում

Կարօ Տէրունեան (արհեստաւոր եւ գրքամոլ)

    • Եագոպ Քունցլերի մասին կը խօսի։
      • Պուրճ համուտի մէջ գաղթակայաններու մէջ հայերուն հետ աշխատած է։ Կեդրոն մը կը հիմէն եւ Էմանուէլ կը կոչէ, ներկայիս Գարակէօզեան կեդրոնն է։ Զուիցերիացի հայասէր բժիշկ մը կար Էմանուէլ Ռիկըրպախ, անոր անունին վրայ դրուած է։ Օրական 1700 հոգիի ձրի ճաշ կը մատակարարէ եւ 700 քիլո ձրի հաց առաւել պզտիկներու դպրոց կը բանայ եւ ամառներն ալ Զահլէ ամառնային դպրոց կը կազմակերպէր պզտիկներուն համար։
      • Գաղթակայաններուն մասին կը խօսի ՝ամանոսցիները գարանթինա էին եւ յետոյ Ֆանար գացին, օրինակ։
      • Եագոպ Գունցլեր այրիներուն համար տուներ կը շինէ։ Դրատ եւ ծերանոցին հոն։ Քով Քովի տուներ։ Կ՚ըսէին որ մեր տունը, Արագածի մէջ, 1953-ին այրի կնոջմէ մը գնած է եւ ատիկա ալ Եագոպ Գունցլերէն մնացած է։
      • Եագոպ Գունցլերին փափա կ՚ըսէին, անոր մէկ թեւը կտրուած է (պատմութիւնը կը պատմէ)։
      • Մեր տունին համար կ՚ըսէին փափային տունն է։
      • Փափա գունցլերին աղջիկը Ալամուտին ընտանիքէն մէկու մը հետ կը պսակուի եւ Շմլեն գիւղը կ՚ապրի։
      • Փափա գունցլերի ջանքերով թոքախտանոց մը կը հիմնէ Ազունէի մէջ։
      • 1936-1939-ի շրջանին հայ համայնքը երախտագիտական երեկոյ մը կ՚ընեն Ասեմպլի Հոլին մէջ ի պատիւ իրեն։ Աս բոլոր արտասանուած խօսքերը 1946-ին գիրքի մը մէջ տպուած է։
      • 1949-ին կը մահանայ եւ մեծ շուքով թաղում կ՚ըլլայ, անձրեւոտ օր մը։ եւ լեցուն մարդ ներկայ եղած է։ Կինը, Փափային, Շմլեն կ՚ապրի իր աղջկան քով։ 1968-1969-ին կը մահանայ։ Եագոպ Քունցլերին կը թաղեն Պէյրութ Ֆրանսական Աւետարանական գերեզմանոցին մէջ։ Իսկ իր թաղումէն ետքդ, սկիզբը պզտիկ տապանաքար մը կը դնէ, յետոյ շատ գեղեցիկ տապանաքար մը կը շինուին վրայն գրուած deacon Jacob kuncler father of armenian orphans… աւելի ուշ կնոջ հետ Շմլեն կը թաղուի։
      • Ես առիթը ունեցայ Իտա Ալամուտինին հետ ծանօթանալ, Եագոպին թոռնուհին, որուն մամային անունն ալ Իտա է եւ որ հիմա Սան Ֆրանսիսգօ կ՚ապրի։ Հոս երկու տղաք ունի Հիթաշիի յայտնի Ատպել Ռահիմ Տիապ։
      • Ես վեհափառին ծանօթացուցի Իտային։ Վեհափառը զարմացաւ։ տեղւոյն վրայ Զուիցերիա հեռաձայն բացաւ, եւ ըսաւ գիտցիր ո՞վ կայ քովս։ Թենին տեղւոյն վրայ սկսաւ խօսիլ փափա քունցլերին մասին եւ Իտան յուզուեցաւ։ Մինչ այդ ըսի որ Իտան, մայր Իտան, հայերուն եւ փափա քունցլերին մասին գիրք մը գրած է։
      • Եագոպ Քունցլերին մասին պիտի խօսէի եւ Շմլենի մէջ տապանաքարին նկարը պէտք ունէի։ Տէր Աբելին ըսի որ տապանաքարին լուսանկարը ղրկէ գունաւոր։ Մէկ երկու ամիս պատասխան չի տուաւ, քանի մը ամիս ետք սեւ ճերմակ նկարը ղրկեց եւ ըսաւ որ բաւական ժամանակս խլեց, յուսամ կ՚ըսես ուրկէ օգտագործեցիր։ Ինծի լուսանկարը չի տուաւ, մանաւանդ որ ինծմէ բաւական օգտուեր էր։ Ես շատ նեղացայ եւ ելայ կապ հաստատեցի Իտային հետ։ Իտան ելաւ ոչ միայն տապանաքարին նկարը, այլ տապանաքարը լման ինծի տուաւ, որովհետեւ անտէր նետուած էր Շմլեին մէջ։
      • Հիմա տապանալարը, մասունքի մը պէս, կտորի մը մէջ փաթթելով բերի։Հիմա քովս կը գտնուի։
      • Շմլենին մէջ որբանոց մը ունեցած ենք, անոր հետքն ալ գտայ, օթել մելքոն 1930 ատ ալ գտայ, ատոր զաւակն ալ գտայ, պատմութիւնն ալ գտայ եւ ուրիշ նիւթեր։
      • Ես Հայաստան երբ գացի Եագոպ Քունցլերի մասին խօսեցայ ըսի որ եկէք առէք տապանաքարը, մանաւանդ որ Ծիծեռնակաբերդ քանդակներ կան՝ մէջի Եապու Քունցլըր։ Յարութիւն Մարութեանը ըսաւ, որ Շմլեն թող դրուի։ ԲԱյց անոնք չեն գիտեր որ ատի ճիշդ չէ, քանի օր մը կրնան ծախեն հողը եւ չի մնար գերեզմանը։
    • Արագած
      • Ես աչքս Արագած բացած եմ եւ գիտէի որ մեր տունին ետեւ գերեզմանատուն կայ։ Խոհանոցէն երբ նայինք, աւելի ցած խրճիթներ էին։ Տարեց զոյգ մը կար։ Յաճախ ետեւի թաղէն  երթային եւ քովը կը հասնէինք կ՚ըսէինք անօթի ենք, մեզի հացի մէջ կարագ եւ շաքար կը քսէր եւ կու տար։ Կ՚ուրախանայինք որ այդ ծերուկ կինը երբ որ ուզէինք կու տար։ Ճիշդ քովը զոյգ մը հար Ճէնէթ կը ծախէին։ Ճէնէթը թաց կուտ է։ Յետոյ կինը մեռաւ։ յետոյ ըսին որ մարդուն ծերանոց դրին, ճինիշեանը տունը առաւ։ յետոյ ըսին մահանալէն ետք բաւական մեծ գումար ելաւ տունէն։ Այնքան աղքատ կ՚ապրէին բայց դրամ թիզած էին։
      • Տպաւորուած էի գերեզմանի նիւթով։ Գիշերները խոթլախ կ՚ելլէր կ՚ըսէին։ Խոթլախը մեռելներն են։ Ասոնք տպաւորած էին մէջս եւ այնքան մը որ գիշերը բաղնիք պիտի երթայի կը վախնայի։ Բաղնիքը խոհանոցին մօտ էր։ Օր մը օրանց չեմ համարձակած որ գերեզմանոց ելլեմ գիշերը։
      • Պատմութիւնը կ՚ըսէ որ երբ գաղթակայաններէն ՊՀ փոխադրուեցան, շատ մահ կ՚ըլլար եւ երբ կու գային մեռել թաղելու, քիչ մը կի փորէին եւ ջուր կ՚ըլլէր, “Նապաա” որ ակ կը նշանակէ։ Տհաճ էր որ յաճախ նաեւ թագաղը ջուրի երես կ՚ելլէր։ Յետոյ ելան հիմակուանը գնեցին։ Նապաա բառը կ՚ըսուի որ ակ կար։ Մինչեւ օրս աշտարակ մը կայ (վիտէօ) ատ աշտարակին ճիշդ վայրը ակ մը կար երեք աչքով, հայերը «Իւչ կիւզ» կ՚ըսէին, որ հոնկէ մինչեւ ծով կ՚երթար, պասթըրմա մանոյին քովէն։ Անշուշտ աշտարակը շինուելէն ետք ատ հոսքը կեցած է։ Ատոր համար ամէն անձրեւուն սիսը ջուր կը լեցուէր։ Ես կը յիշեմ, ջուրը կը բարձրանար, տուներուն մէջ ջուր կը մտնար։ Մարդիկ մինչեւ իսկ նաւակով կ՚երթային։
      • Քովս 1942-ի քարտէս մը կայ եւ կ՚երեւի ճամբան։
      • Ակը պասթըրմայ պետոյին այդտեղ Ճսր Մուրատ կար։ Մուրատ անունով մէկը կար եղեր, Զաիիմ էր եղեր եւ մինչեւ վերջ մարդոց կը ծեծէր։ Մինչեւ օրերս թաքսիներուն Սէհադ ՊՀ չէին ըսեր, այլ Ճսր Մուրատ։ Օր մը ՊՀ բաներ կու գան եղեր, ապաշխարածներ, յաւիտենականութիւն կ՚աւետեն կոր։ եկեր են Մուրատին գտեր են։ Մուրասին սկսեր են պատմել որ Յիսուս կայ, հրեայները խաչեցին, յարութիւն առաւ, պէտք է ապաշխարես։ Ձգեր են գացեր են։ Յետոյ մարդիկ եկեր են հարցուցեր են Մուրատ ի՞նչ ըսին քեզի, ըսեր է «ես բան մը չի հասկայ, միայն գիտեմ որ օր մը եթէ հրեայ մը աս ճըսըրին վրայէն անցնի ես անոր մայրը ինչ պիտի ընեմ»։ Միայն հասկցեր է հրեայները գէշութիւն ըրեր են։ Ասի ժողովրդային պատմութիւններէն է։
      • Պասթըրմայ պետոյին քով որ դէպի ծով պիտի երթաս հոն է։
      • Մեր թաղը խառնուրդ էր, Շիա շատ կար, մէկ ընտանիք կար մարոնիթ եւ պաղեստինցիներ կային։ Յաճախ կը յիշեմ, մեր ետեւի թաղը պաղեստինցի զինուորներ կային։ Օր մը պաղեստինցի մը ըսաւ պատին տակէն զէնքս բեր, ես ալ բերի։
      • Մեր ետեւի թաղը շէնք մը կար, որ երբ խլրտումները սկսած էին, 75-ի ատեն պաղեստինցիները ուժ ունէին, Շիաները ուժ չուէին, զէնքը պաղեստինցինրեուն ձեռքն էր։ Պապաս կը պատմէր որ օր մը ետեւի շէնքէն մէկը կը պոռակոյ անա մաամըլըթ շի (ես բան մը չըրի), յետոյ ձայնը կտրուեցաւ։ Յետոյ լսեցինք Ճիպօ Քիս (տոպրակ բեր) կը պոռան կոր։ Տարիներ ետք օր մը այդ շէնքը ջուր լեցուած էր տարիներ եւ մօթօր բերին պարպեցին, պատերուն վրայ արիւնի հետքեր տեսանք եւ ժանգոտած ձեռնառումբեր, դանակներ։
      • Աս կը յիշեմ ռամատանի առիթով ճիշդ մեր թաղին վարը տախտակով ռամատան ըրած էին եւ ուրախութիւն կար եւ թաղին մէջ խաղեր եւ երգեր կային։ Մէկ անգամէն կը յիշեմ պաղեստինեան բուժարան կար։ Եղբայրս չար էր, ինծի օր մը հեծիքէն ինկացուց եւ կզակս բացուեցաւ։ Ըսաւ ինծի մամային միսեր։ Ես ալ լալով տուն մտայ, մամաս ըսաւ ինչ եղաւ, ըսի բան մը չեղաւ։ Մամաս մեզի ատ պաղեստինեան բուժարանը տարաւ։ Ըսին հիւանդանոց պէտք է, գօգօ ամմօն մալաթեան ինծի Պօղոսեան հիւանդանոց տարաւ, հիմակուան Անդօ Սբորին քովը պզտիկ դարմատուն մը կար, տոքթորը երեք հատ քէպսի պէս բան մը ըրին (կցեցին)։
      • Արագած քանի մը դարմատուներ կային։ Ատ ընթացքին պաղեստինցիները ատ դարմանատան մէջ ինծի բանսուման ըրաւ։
      • Մենք շաղուած էինք դրացիները պաղեստիցներուն հետ, բայց նաեւ կը յիշեմ չար պաղեստինցիներ կը վազէին աւազ կը նետէին տունին մէջ։ կ՚ըսէինք նորէն եկան աս աղտոտները։ Ես պզտիկ էի, մեծերը կ՚ըսէին որ պատերուն վրայ կը գրէին արման մսքին պատտօ սքին, անոնք ալ կ՚ըսէին որ պինիք ըխօ լա ֆալասթին։ Թշնամութիւն չիկար, չարութիւն էր։
      • Մէկ անգամէն պատերազմ սկսաւ եւ ռմբակոծումներ սկսաւ։ Մենք փախանք մեր տուներէն։ Թաղին ծայրը թաքսի մը կար եւ Անթիլիաս փախանք։ ճամբան պաղեստինցի անցարգել մը կար չի ձգեցին անցնինք։ մամաս լացաւ, ես լացի։ ուրիշ թաղերէ գացինք։ Մօրեղբօրս տունը մնացինք, ինքը Մոնթրէալ գացած էր եւ զոքանչին տուած էր։ զոքանչը մեզի նեղութիւն կու տար։ Կը դիտէինք ռումբերուն օր մըն ալ անթիլիաս եկաւ ռումբը եւ մեր տունին վրայ ինկաւ։ վազելով փախանք քովը շէնքը։ Մայրս կ՚ըսէ որ այդ օրը վախցանք շատ եւ այդ օրէն ետք սկսայ կակազել։ Ելանք ետ եկանք ՊՀ։
      • Յետոյ Հալէպ գացինք։
      • Մեր թաղին ծայրը կռիւներ կ՚ըլլար։ Հրաչ Կրակ մը կար, Շահէին պապան, ընկեր Հենս։ ասոնք թաղին խմբապետներն էին։ օր մը եղբօրս ապտակեր է քանի առանց իր հրամանին մէկու մը զարկեր էր։
      • Յետոյ բուն կռիւները սկսան երբ լսեցինք քէթէիպները հայերուն կը զարներ կոր եւ կը կողոպտէր կոր։ Մեր հոն խանութ մը կար, ոչ հայու եղբայրս եւ խոմւբ մը իջան ատ խանութը պարպեցին եւ պարանով մեր թաղը ղրկեցին։ Կողոպտեցին իրենք ալ հոն ոչ հայու խանութ մը՝ պատասխանելու համար իրենց։
      • Մեր թաղը Աւօ մը կար, կռիւներու ատեն մէկ հատ Ահրար մարդ մը կար որուն կինը հայ էր՝ Ճանսզեան։ Աս մարդը կը փորձէր կոր բան ընել։ Աւօն ղաննասով մարդուն տունին մէջ եղած ատեն մեռցուց։ Կինն ալ յղի էր։
      • Քէթէյիպներուն ատեն բանտարկուեցանք մեր տուները։ Մեր տունէն Արագած ակումբ երթալու ատեն դժուար կ՚երթայինք։
      • Օր մը ռումբ ինկաւ մեր հոն, ամէն տեղ կրակ առած էր։ Լսեցի հօրաքրոջս աղջիկը կարօն պոռաց։ Արագ մը գացի եւ թաղին մէջ իրեցն տունը մտայ, մուսմութ, տեսայ որ հօրքուրս եւ քեռայրս վլվլիկ եւ մոմ մը կը բնտրեմ իսկ կարօն խոհանոցը գետին ինկած է։ Այդ վիճակը տեսայ եւ տեսայ որ կը պոռան կը կանչեն կոր։ Թորոսը եկաւ։ գիտցայ որ պէտք է վազեմ ակումբ։ Ակումբը մեր յենարանն էր։ Կրակ Շաւարշը կար։ Տեսայ որ ակումբին մէջ արդէն վլվիկ մը կայ, արդէն 5-10 վայրկեան առաջ ընկեր եղիկ գայայեանը նահատակուէր էր։ Առաջին ռումբը ընկեր էր, կիներ կը պոռան կոր օգնութիւն, տղաք ոտքի կ՚ելլեն որ ազատեն, երկրորդ ռումբ մը կ՚իյնայ թաղին մէջտեղ։ Կարօն կը վազէ օգնութեան եւ 3րդ ռումբ մը կ՚իյնայ` 4 հոգի նահատակցուեցաւ՝ Եղիկը, երկու եղբայրներ եւ Կարօն։
      • Շաւարշը գնայ հետը ըսաւ Թորոսին։ Շուտով օդօն բերինք։ Հօրաքրոջս տղուն, 19 տարեկան գիրքս դրի։ Ռաֆֆին սսկաւ սուրալ հիւանդանոց։ Ես կը տեսնեմ կոր Կարոյին սիրտը կը տրոփէ կոր եւ ամէն մէկ տրոփումին արիւն դուրս կ՚ելլէ կոր։ Ես կը կարծեմ կոր biology ըրած եմ կրնամ բան մը ընել։ Բան մըն ալ չի կրցայ ընել։ Պուշրիէ Պուլոս հիւանդանոց մտանք։ Սենեակ մը տարին։ Քովի սենեակը Գօգօն կար, երկու եղբայրներէն մէկը։ Քոնկֆու կ՚ընէր։ Գեղեցիկ տղայ էր։ Գօգոյին ձեռքը չի կար։ Գացի ԿԱրոյին ձեռքի շղթան հանեցի։ Ըսի նըրսին որ կրնամ օգնել ես biology ուսանած է։ Տեսայ թեքէեանի կու լայ կոր։ Քառորդ ժամ անցած է ես սկսայ մտածել որ ինչ պիտի ըսեմ։ Քառորդ ժամ վերջ nurse-ը ելաւ ըսի ի՞նչ եղաւ, ըսաւ Ալլա Եըրհամօ։ Ես կը մտածեմ կոր ինչ հիմա հետնէի ինչ պիտի ըսեմ… Քանի մը ժամ ետք ետ եկանք։ 40 հոգի թխմուած տեղ մը 10 հոգի կը բաւէ։ Լուր տարածուած է որ կարօն վիրաւորուած է, մամաս ալ ինծի կը կարծէ կոր։ Մտայ, չի կրցայ ըսել որ Կարոն մահացաւ։ Ըսի վիրաւոր է, վաղը կ՚ելլէ։ Ինպիթահ Յարութը կար անոր ըսի որ մահացեր է։ Մինչ այդ Սաութ Լուպնէնէն լուր կ՚ելլէ որ մեռած է Յակոբ Տէրունեան։ Յակոբը եղբայրս է որ գիւղն է։ Յակոբը ԿԱրոյին հետ շատ մօտ էր, ինծմէ աւելի կը սիրէր այդ կարոյին։ Կարոն ինծմէ մէկ երկու տարի մեծ էր։ Երբ Յակոբ Տէրունեան կ՚ըսուի ռատիոյէն։ Մենք տունը էլէքդրոնիկ հեռաձայն ունէինք, ամէնուն թիւը 2 էր մերինը 4-ով։ Հեռաձայնը առնես մէկ կտոր գիծ կու գայ։ Ակումբը յաճախ մեզի կու գար երբեմն հեռաձայն ընելւո։ Հեռաձայնեցի Յակոբին հարցնելու համար եթէ լաւ է։ Ըսաւ այո ի՞նչ կայ։ Չի կրցայ իրեն ալ բան մը ըսել։ Մինչ այդ Կարոն Եղբօրս օդօն գնած էր եւ տակաւին տետրակը ունէր։
      • Առտու կանուխ ես եւ Ինպիթահ Յարութ ըսուածը իր բիթ ափով գացինք Յակոբին բերելու Շալէէն, Գազինոյին հոն։ Յակոբը ելաւ եկաւ։
      • Չորս մեռելներէն երեքը առաքելական էին, հօրաքրոջս տղան Կարոն Կաթողիկէ։ Մեծ թաղում մըն էր։ Տէր Հայրը եւ ամէն մարդ կու լան կոր։
      • Թաղեցինք Կարոն եւ եղբայրս մեզի բոլրոս առաւ եւ շալէ գացինք։
    • Տէր Յակոբ
      • Խորանին վրայէն կաթողիկէներուն դէմ կը խօսեր։ Իր թաղումին եկեղցեւոյ արծաթապատ սուրբ գիրքը դրած են իր դիակին վրայ, ժողովուրդը ղուրուշներ դրած են եւ ատոր հետ թաղած են։ Երեցկինը վախցեր է որ գան գողնան, Մովսէսին պահակ կեցուցեր է երկու շաբաթ։ Տէր Յակոբը գաւազան մը ունէր որ քիւրտերը Նոր Մարաշ մտնէին նէ կը զարնէր եւ չարերուն կը սաստէր։ Մովսէսին տուեր է կինը այդ գաւազանը որպէս շնորհակալութիւն։
      • Տէր Յակոբը մէկ հատ կիպրիանոս մը ունէր։ ես տեսայ ատիկա։ մէջէն 11 էջ պակաս է, քանի որ պատռեր է։ Տէր Յակոբը ատ կիպրիանոսին մէջէն աղօթքներ կ՚ընէր։ Մահանալէն ետք եկած են այրիին ըսած են մեզի տուր ատ կիպրիանոսէն աղօթքներ։ ան ալ կը պատռէր եւ կու տար։ անոնք ալ կը խաշէին էջը եւ կը խմէին եւայլն։
      • Կ՚ըսուի որ հանրային բաղնիք կար, կիները զատ օր ունէին եւ էրիկ մարդիկը զատ օր։ Օր մը կը տեսնեն որ դասը ծուռ դարձած մինակը կը քալէ կոր։ Կը պոռան Տէր Յակոբին կը կանչեն։ կու գայ իր գաւազանով մէհ հատ կը զարնէ, մէջէն առնետ կ՚ելլէ։ կ՚ըսէ կոզէօն քիւր օլաճըսա, դուն ես մը։ Այս նախադասութիւնը շատ կը գործածէր։ Կէօզիւն քէօր օլաճըսա։ Յետոյ կիներուն կը սաստէ։
      • Քէմփին մէջ ծուխին քահանան էր Տէր Յակոբ։ Մէկ անգամ թաշխալա մը կ՚ելլէ որ աղտոտ կին մը առաջնորդին սենեակը եկեր է։ կը շալկուին կ՚երթան եւ կը բռնեն առաջնորդին սենեակէն կինը։ կողմնակիցներ կ՚ըսեն որ մասնաւոր բերեր են կինը, իսկ հակառակորդները՝ Տէր Յակոբենք, կ՚ըսեն փաստ կայ։
      • Տէր Յակոբին լեզուն հաճելի ժողովրդային աղտոտ հասարակ էր։ Օր մը սրեանի մը եկեր է ըսեր է, պուր տա քնիսէ մը? չէ ըսեր է Տէր յակոբը, բոզանոց է մը? Ուրիշ մը ըսեր է, աս չոճուխին կը մկրտե՞ս մը, ըսեր է քեզի ալ կը մկրտեմ, պապայիդ ալ հետը։
      • Տէր Յակոբին ջարդի պատմութիւնը։ տարագրութեէնէն կը փախի երուսաղէմ կը հասնի։ Սահակ վեհափառը երուսաղէմ էր։ ըստ պատմութեան սահակ խապայեան ճեմալ փաշային հետ խօսեցաւ եւ ազատեցին Տէր Յակոբին։
      • Կաթողիկէ առաքելականի հարց եւ որբանոցներու մէջ յեղափոխութիւն։
    • Բարեշէն եւ Կիւլապաշէն

 

Նազարէթ Գոճայեան (կօշկակար եւ թերթի ցրուիչ)

    • Եղբայրասպան կռիւներուն մասին
      • Զաիմ Կարոն քէմփէն էր, բայց համայնավարներուն կողմէն էր։ Ձեռքին տակ քանի մը երիտասարդ ունէր։ Օր մը ճամբան մեզի պաշարեց։ Իրար կը ճանչնանք։ թաղին մէջ միասին մեծցած ենք։ ինչ է պետրոս ըսաւ, դեռ կօշկակար կ՚աշխատիս կոր։ Պետրոսը դուն չե՞ս մը գիտեր ըսաւ։ Քանի ատ ալ կօշկակար էր։ Յետոյ Զաիմ Կարոն դարձաւ իր տղոց ըսաւ, ասոնք վայ որ դպնաք։ Ասոնք իմ եղբայրներս էք։
      • Վանքին մէջ գաւառականի ժողովի մէջ Սահակ կաթողիկոսի օրով Վեհարանին մէջ վարդապետեանի կը սպաննէ կոր։ Վեհափառը կ՚ըսէ կոր այս ինչ է Վեհարանի մէջ մարդ մը կը զարնէ կ՚ըսէ կոր։ Ատոր վրան դաշնակցութիւնը Տխրունիին զարկաւ։ Վարդապետեանին ով որ զարկաւ մութին մէջ զարնուեցաւ։ Լոյսերը մարեցին մարդուն զարկին։

Փօլ Այվազեան (վարսայարդար)

    • Ես պզտիկ տարիէքս այս արհեստին մէջ մտայ։ Նախապէս իմ տունիս քովը բարեկամ մը ունէի սենեակը ինծի տրամադրեր էր։ իր տունը։ մէկ սենեակ մը տունի կահկարասիներէն։ Սկսայ աշխատիլ եւ երթալէն գործը զարգացաւ եւ աւելի լաւ եղաւ։ ասիկա 1976-1977 թուականներուն էր։ Յետոյ Արաքս թաղ եկայ։ Այն ատեն խլուի հարց կար։ Այն ատեն 50 հազար խլու տուի, տոլարը 3 ոսկի էր։ Այն ատեն տեղ չի կար եւ այն ատեն կանխիկ էր ամէն բան, մուրհակ չի կար։ այստեղը խլուոյ առինք եւ վարձեցինք։ 80-ին սկիզբը 70-ի վերջերը եւ հոս հաստատուեցանք։ Բարեբախտաբար պատերազմ ըլալլով հանդերձ լաւ գործ ունէի եւ մէկ երկու երեք մինչեւ 10 պաշտօնեայ ունեցայ։ Ձիռքե մէջս կը հետեւէի, գոնէ երկու անգամ կը ճամբորդէի։ Դէպքեր ալ կը պատահէին ճամբորդութեանս ընթացքին, քանի ճամբաները լաւ չէին։ շուֆի կողմերէն կ՚երթայինք օդակայան։ ՇԱտ անգամ աշխատած ատենիս ռմբակոծում կ՚ըլլար եւ աստիճաններուն վրայ կը փախէինք յաճախորդներուն հետ եւ հոն ալ կը շարունակէինք։ Տնտեսական պատերազմը հիմա շատ աւելի գէշ էր քան այսօր։ ռմբակոծումին ատեն պահուըտելիք տեղ կ՚ըլլար, յետոյ ռումբերը կը կենար գիշերուան խնճոյքի կ՚երթայինք կը պարէինք։ երբեմն մէկ երկու ժամ կը սպասէինք ռմբակոծումը կ՚ենայ եւ տուն կու գայինք։ Ժողովուրդը կ՚օգտուէր եւ առատ դրամ կար Լիբանան։ տնտեսապէս շատ աւելի լաւ էր վիճակնիս առաջ քան հիմա։ Հիմա անօթութիւն եղաւ։ Այն ատեն գործ կայ, դրամ կար։ ՊՀ այն շրջաններէն էր որ ապահով էր քան ուրիշ շրջաններ եւ ատոր համար պատերազմի թուականներուն մէկ հատ պարապ սենեակ չէիր գտներ։ Շատ մը հայեր հոս անցան։ Պհ խճողուած եւ գործի կեդրոն էր։ Արաքս թաղ չի կար անցք մը որ գոց խանութ ըլլար։ Ամէն մարդ գիտեր եւ ամէն մարդ կու գար հոսկէ գնում ընելու։ Փառքի օրեր էին ՊՀ։ Ժողովուրդը շատ հանգիստ էր։ Հիմա հակառակն է։ Տնտեսական պայմանները հիմա շատ ազդած է։
    • Ես պզտիկ տարիքէս Նուպարեան դպրոց կը յաճախէի։ Ճամբուս վրայ վարսայարդար մը կար որ ամէն հոնկէ անցնելուս կը կենայի 10-15 վայրկեան կը դիտէի։ Ետքը դպրոցի շատ ձիռք չունէի պայմաններն ալ չէին ներեր։ Ուզեցի արհեստ մտնել եւ որոշեցի վարսայարդար։ Սկիզբը ըսին գնայ հօրեղբօրդ քով կօշկակարի մեծ խանութ ունի։ ըսի ոչ։
    • Դպրոց չկար առաջ եւ վարսայարդարման խանութներուն մէջ սորվեցայ։ Ես 16 տարեկանիս մար եուսէֆ հիւանդանոցին հոն խանութ կար, ես յանձն առի։ 3 տարի։
    • Անձնական սալոնս ունեցայ։ Բաւական արեւմտեան պէյրութ աշխատած եմ պաշտօնեայ եղած ատենս։
    • Պարագաներ կ՚ըլլայ կը վերյիշեմ որ շատ մը հարսերու մազերը սանտրած եմ եւ հիմա իրենց աշջիկներուն մազերը կը սանտրեմ։
    • Տղաքս ալ վարսայարդար են եւ ուրիշ խանութ մը ունին հոն են։ ՊՀ մէջ ես հանգիստ կը զգամ։ տունէս աւելի հոս եմ։ Հոս կը սիրեմ։ Յաճախորդներուն հետ շատ մօտիկութիւն եղած է նոյնիսկ երբեմն կու գան կը նստին մտերմութիւն կայ եթէ նոյնիսկ չի գան մազերուն համար։
    • Սէնտիգային անդամ եմ։ Ֆրանսայի մէջ մրցումի մասնակցեցանք եւ բաժակ բերինք։ Աշխարհի ախոյանութիւնը։
    • Առաջ շատ աւելի հայ կար հիմա թերեւս օտարները եղան եւ հայերուն տեղը գրաւեցին։ Առաջ աւելի մտերմութիւն կար։ ԹԷեւ ամէն մարդ գիտէ որ հոս պզտիկ հայաստան է։
    • Արմատներով գոյաքէն եմ Սանճախ ծնած եմ։ ՊՀէն եղած ենք։ Մամաս քեսապցի է։ Նուպարեանը ներկայ Վարդանանց եկեղեցին առաջ Նուպարեան էր։ Ես դպիր էի տարիներ։ Կը սիրէի երգել։ Յետոյ քէմփէն ետք ՊՀ ապրեցայ, ամուսնանալէս ետք ՊՀ ապրեցայ յետոյ հեռացայ։
    • Երանի երկրի վիճակը օգնէր եւ երազնիս իրականացնէինք։ Նպատակ ունէին արուեստից դպրոց մը ունենալ վարսայարդարման։ ես 30 տարի առաջ Սալոն է էնսթէթիւ Այվազեան։ Ես սալոնիս մէջ դաս կու տայի յետոյ 12 տարի մեսրոպեան ուսուցչութիւն ըրի եւ օրինաւոր կառավարակն տիպլոմով։ Մինչեւ այսօր կը շարունակէի սակայն այս քանի մը տարին աշակերտութիւն չոււնինք։ Մինչեւ այսօր ալ չօգնէր կոր։
    • Ես առաջին սալոնս Մայք Եագուպեան աշխատեցայ։ Ամանոսի մէջ։ Մինչեւ այսօր կար։
    • Մորթի եւայլն ուսում ալ ունիմ։ treatment
    • Ես նորութեան կը հետեւիմ։ բայց որու որ կը վայլէ ատոր կու տամ նորութիւնը։ ամէն դէմք իր գիծը ունի։ Պզտիկներ եթէ գային որ չեն ուզեն կտրել, լալով չէի կտրեր։

Գօգօ (Նպառավաճառ)

    • Կը Խօսի իր կեանքին մասին։ Հալէպ-Պէյրութ։ Սկիզբը վաճառականութիւն ըրած է պատերազմի շրջանին Արաքս փողոցին մէջ անկիւնի մը վրայ մայթին վրայ իր ապրանքները փռելով։ Գառնիկ Մկրտիչեանը իրեն համար խանութ կարգադրեր է։ Յետոյ խմիչքին կորսնցուցած է իր ունեցած չունեցածը։
    • Հետաքրքրկան յարաբերութիւն ունի թաղեցիներուն հետ։ Պզտիկներու հանդէպ մանաւանդ։ Կատակասէր է եւ սրամիտ։
    • Խանութը այլեւս աղտոտ է։ Չի մաքրեր։ Մութ է։ Սիրտ չունի աշխատելու վերջին տարիներուն։

Զաքար Քէշիշեան (խմբավար, շուիահար, տուտուկահար)

    • Պապան քահանայ է քառասուն մանուկի։
    • Տիսքոթէք Մարաշ փողոցի վրայ սեդրակ էսմէրեանը քառասուն մանուկէն դէպի Վանայ Ձայն փողոց մը կ՚անցնիս ձախին։
    • Ինչպէս սկսած է մանկական երգչախումբերը՝ Կարկաչ եւ Այգ։
    • Իր աշակերտներուն մասին։

Մարալ Յովհաննէսեան  (ԼՕԽական, մայր)

    • Պութոն Ժիրօ
          • Ընդհանրապէս, Պուրճ Համուտի մէջ որքան որ կը յիշեմ, ըսենք մանկութենէս դէպի պատանեկութիւն, պատանեկութեան այդ շրջանին, պատերազմին մէջ, եւայլն, կարգ մը խանութներ կան կամ արհեստաւորներ, որոնք բոլոր ժողովուրդին համար շատ ծանօթ էին, այսինքն ամէն մարդ գիտէր անոնց եւ ընդհանրապէս գնումները, կ՚երեւի լաւ ապրանք կը ծախէին, չեմ գիտեր, մարդիկ հոն կ՚երթային, ուրեմն անոնցմէ մէկը պութոն Ժիրօն էր։ Արդէն անունը վրան, կոճակ ծախող Ժիրօ, անշուշտ միայն կոճակ, կարծեմ միայն կոճակ կը ծախէր, դերձան եւ եւ եւայլն չէր ճախեր, ոչ։ Բայց բաւական լաւ հաւաքածոյ կը գտնէիր իր քովը։ Ինքը ներկայանալի երիտասարդ մըն էր, ասանկ թաւ ձայնով, կարող, խիտ մազերով, գանգուր ասանկ, թեթեւ խիտ մազերով, ինչ որ է, նոյն ատեն դերասան էր, յաճախ թատրոնի վրայ զինքը դերերուն մէջ եւ բան պատասխանատու դերերուն մէջ կը տեսնէինք եւ իրապէս կարող դերասան էր պէտք է ըսել։ Իսկ իր կինը, որ ատենը մէյ մը օգնութեան կ՚իջնէր, օգտակար ըլլալու այսինքն, յաճախ կը բացակայէր խանութէն, որովհետեւ Լիբանանահայ օգնութեան Խաչին մէջ կ՚աշխատէր եւ պատասխանատու պարտականութիւն ունէր, այնպէս որ օր մը պատահած է, որ տիկին մը եկած է հարցնելու որ խաչուհին հո՞ս է։ Անունը չէ յիշած։ Ծովակ էր անունը կնկան։ Ուրեմն ըսեր է, որ՝ չէ խաչուհին հոս չէ, բայց խաչեալը հոս է։ Այդքան մը որ մարդը յոգներ է ձեռքէն։
    • Իփլիքճի Յակոբ
          • Ես կը յիշեմ մամաս կ՚ըսէր իֆլիքճի Յակոբ։ Ուրեմն աս մարդը Մարաշ թաղին մէջ պզտիկ ասանկ խանութ մը ունէր այդ պզտիկ խանութին մէջ միտքէն չանցած դերձանի տեսակներ կրնայիր գտնել՝ ըլլայ կարի վերաբերեալ, հագուստ եւ այլն, ըլլայ ձեռագործներու վերաբերեալ, ամէն ինչ, ինչ որ կարի հետ կապ ունի՝ ասեղը եւ այլն, կամ յատուկ ասեղներու տեսակներ կան եւ մարդն ալ ճաղատ, կարճուլիկ մարդ մըն էր, որ իրմէ ետքը իր աղջիկը ստանձնեց խանութը, կարծեմ մինչեւ հիմա ալ կը գործէ եթէ չեմ սխալիր։ Խանութին ներսը շատ փոքրիկ, երկու՝ աջին եւ ձախին պզտիկ վիթրիններ կայ, դերձաններու տեսակներ այդ կողմերը ցուցադրուած են, դուրսի կողմէն չունի, խանութը դուրսի կողմէն ցուցադրուած ապրանք չունի, ներս կը մտնես, աջին եւ ձախին կան եւ մէկ հատ ալ պզտիկ ասանկ stand մը ունի, որուն ետին իրենք կը կանգնէին, իրենց ետին ալ կար յարկեր բաներ պահարաններ փոքրիկ, երեսը բաց պահարաններ, դուն ըսեմ կը ներկայացնես ձեռագործիդ թելին թիւը, տեսակը, հաստութիւնը եւայլն, գերթէ երբ որ գացեր եմ քովը, միշտ ալ ունեցեր է եւ տրամադրեր է։ Քրոշէի ըսենք դերձաններ, գործելիք, կանեւա եւայլն։ Ամէն ձեռագործերու, ըսենք Մարաշի գործ գործելու, կամ մետաքսէ թել, որ պէտք ունիս, ուրֆայի գործ, որեւէ ձեռագործի, հայկական ձեռագործի դերձան քովը կը գտնուէր։

 

    • Միհրան
          • Յետոյ, նորէն դերձան եւայլն ծախող, մինչեւ հիմա այդ խանութը կայ Սոֆիա Յակոբեան թաղի մուտքի անկիւնի վրայ։ Ան մարդն ալ ճաղատ էր։ Յետագային իր երիտասարդ տղան սկսաւ օգտակար ըլլալ իրեն, մինչեւ հիմա այդ գործը կը շարունակեն։ Ուրեմն ինչ կ՚ուզես կարի վերաբերեալ, միայն դերձան չէ, միայն ասեղ քրոշէ չէր, հոն կոճակի տեսակ, դերձանի տեսակ, կարմեդիւրի, երիզներու զարդարանքներ, հագուստներու ասդարներ, բուրդ՝ չեմ յիշեր բրդեղէնը, բայց ամէն տեսակ այսպիսի բաներ հոն կը գտնէիր։ Ես կը յիշեմ մամաս բան մը կար նէ, բան մը կարելու ըլլար նէ… Հա՜ Միհրան։ Ուրեմն խանութին տիրոջ անունը Միհրան էր։ Միհրանին քովէն այդպէս ըսենք նէ կանեւա գործերէս երիզաւորում պիտի ընես, եզերքը կարնեդիւր եւայլն, ամէն ինչ, վարաքոյրներու երիզներու… ամէն ինչ քովէն կը գտնուէր։ Հիմա մինչ Միհրանի մասին կը խօսէի, ուրիշ մէկն ալ միտքս ինկաւ։
    • Տիսքոթէք ճեքա
          • Ատ ալ հինուց ի վեր է։

 

    • Արա Քէքէճեան
          • Թէ ինքը երգիչ էր, մանկական երգեր կ՚երգէր, թէ կը նուագէր եւ թէ տիսքոթէք ունէր եւ օրուան ամենանորոյթ երաժշտութեան… այն ատեն քասէթներ էին կամ տիսքեր, կամ տիսքէթներ։ Ամէն ինչ կը գտնուէր քովը։ Պուրճ Համուտի հրապարակի դիմացի փողոցը դէպի Ս. Փրկիչ եկեղեցի տանող ճամբուն վրայ, սկիզբի շրջանը։ Ուր դէպի Տէր Մելքոնեան պիտի մտնես, Տէր Մելքոնեանի թաղի դիմացի շէնքը։ Թաղը չի մտած անշուշտ։
    • Ես ալ այդ շրջաններուն փոքր էի։

 

    • Մարաշի գործի կինը
          • Կնկան ոչ անունը գիտեմ, ոչ ալ դէմքը լաւ կը յիշեմ։ Պատկերին թաղը, պատկերին չհասած։ Կարծեմ ՊՀի բաղնիքին թաղն է այդ թաղը։ Կին մը կար, որ հոնտեղի ամէնէն հոն տուներէն ասանկ նեղլիկ փակով մը կը մտնես ներքին աստիճաններէն կ՚ելլես վեր եւ իր տունն էր։ Իր տունը եթէ չեմ սխալիր գետնայարկի վրան էր, շատ լաւ կը յիշեմ, ուրեմն, երբ որ պիտի ձեռագործ գործէի, նշանուած էի, Մարաշի գործ պիտի գործէի, գացինք հոն ան կնկան հոն, գծել տուինք ամէն կերպասները, կերպասները անշուշտ Տէր Մելքոնեանի թաղին հոն գտնուող կարգ մը կերպասավաճառներ կան, հոնկէ գնած էի։ Ուրեմն այն կինը գծեծ։ Ապագային, երբ որ պատերազմի բերումով տունը որ այրեցաւ, այրելէն ամէն ձեռագործներս փճացան։ Ուզեցի որ նորէն գործեմ, եւ գացի գտայ ետ ատ կնակն։ Գացի տարի նոր կերպաս, ինծի գծեց նոր ձեռագործներ եւ զարմանալին եւ ցաւալին հոն էր որ այս գիտութիւնը ունին, գաղտնիքը գիտեն, ինչպէս գծելու, դժբախտաբար չեն փոխանցեր նորերու, որպէսզի անոնք ալ գիտնան։ Չեմ գիտեր մէկու մը սորվեցուցած էր, չէր սորվեցուցած այս կինը, բայց եւ այնպէս ինծի համար երկու անգամ Մարաշի գործի ձեռագործներ գծեց եւ պատրաստեց։
    • Բաղնիք
          • Բաղնիք կար այո, թերեւս հիմա ալ կայ եւ չի գործեր, պատկերին թաղին ծայրը։ Դէպի ըսենք թէ Արաքս պողոտայէն այդ կողմ գացած ատենդ, առաջ կու գայ։ Այո, ատանկ բան կայ։ Բանիկ կեանքիս մէջ չեմ գացած չեմ գիտեր։ Վստահ եմ փոքր եղած ատենս գացողներ կ՚ըլլար։ Շատ փոքր եղած ատենս։ Ինչ որ է։

 

    • Ուրֆալեան
          • Ուրֆալեան գրախանութը կար։ Մարաշի պողոտայ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղէն հազիւ կ՚ելլես դէպի Մարաշ պիտի դառնաս, հոն անկիւնադարձին վրայ եւ իմ ամէն գիրքերս, գրենական պիտոյքներս եւ ձեռային աշխատանքներու կարիքներս ամէնը կ՚երթայի հոնկէ, բայց դժբախտաբար որպէս անձ, անձիք չեմ գիտեր, քանի որ պատերազմի ատեն ձգեցին գացին։ Հիմա Ամերիկայի մէջ ունին տեղ, գրախանութ եւյլն։ Անշուշտ նոր եկող սերունդը ստանձնած է վստահ, բայցորպէս ՊՀի մէջ գնտուող ամէն ինչ գտնուող խանութ էր։
    • Գրախանութ Նուպար
          • Պարոն Նուպարը այդքան ազդած էր վրաս։ Ես անձնապէս ոչ ազգային վարժարանի աշակերտ եղած եմ, ոչ ալ եկեղեցւոյ դպրաց դասի մէջ եղած եմ, արդէն միշտ Անթիլիաս գացած ենք որպէս եկեղեցի եւ կիրակնօրեայ վարժարան։ Պարոն Նուպարը ինքը սարակաւագ էր եւ կը ծառայէր Քառասնից Մանկանց եկեղցեւոյ մէջ եւ ունէր Գրախանութ մը որ գետնեն մինչեւ առաստաղը գիրք լեցուն էր չորս պատերով։ Շատ փոքրիկ խանութ մը, Արաքսի պողոտայի մուտքին, Արմենիա պողոտայէն։ Մէկ մասը Արմինիա, միւս բաժինը… անկիւնի վրայ։ Շատ փոքրիկ-մոքրիկ, բայց միշտ ինչ գիրք միտքէն կ՚անցնի կրնայիր գտնել գործը, ընդհանարապէս գործածուած գիրքեր կը գտնէիր եւ անշուշտ նոր գիրքեր։ Մի միայն դպրոցական գիրքեր չէր որ կը ծախէր աւելի գրականութեան վերաբերեալ գիրքեր։ Ինծի համար աէնպէս հաճելի էր քովը մտնել, չի գտնուած գիրքեր, բաներ որ կը փնտռես կ՚ուզես գտնել։ Անշուշտ որովհետեւ գործածուած էր մարդիկ բերած ձգած կ՚ըլլան քովը, որպէսզի թէ կարելիութիւնը կայ ծախեն։

 

    • Շիրակ
          • Ես պզտլիկ եղած ատենէս… Ես շատ շատ պզտիկ, այսինքն 5-6 տարեկան, մամաս ինծի շուկայ տանող չէր, շատ հազուագիւտ կը տանէր։ Ե՞րբ կը տանէր, երբ վրաս չափելիք բան մը չեմ գիտեր, ատոր համար նոյնիսկ գրեթէ չէր տաներ։ Մտեր եմ Շիրակ եւ տեսեր եմ Շիրակ, ինչպէս ըսեմ, ամէնէն ժողովրդային ապրանքը եւ պզտիկներու ապրանքը միմիայն։ Մէկ յարկի վրայ էր, հիմա հարկ հարկ է, այդ տարբեր։ Ժողովրդային ինչպէս նպառավաճառներուն քովը լոլիկը մէկ սնտուկի մը մէջ, եւայլն, ճիշդ ատանկ մէկ սնտուկի գուլպայ կը տեսնէիր, մէկ սնտուկի պլուզներ, մէկ սնտուկին ներքնազգեստ, անշուշտ լայն տրամագիծով եւ շատ շատ շատ շատ հաճախորդ ունէր, որովհետեւ ժողովուրդը մեծաւ մասամբ համեստ դասակարգի էր։ Վերամուտի ատեն մամաս կը տանէր, հիմա յիշեցի, բուրդէ գոլան առնելու ինծի։ Ատկէ կը յիշեմ այդ խանութին ինչ ըլլալը, որպէս հին խանութներէն եւ մինչեւ հիմա գոնէ անունը պակած խանութ, անիկա կայ։ Այսինքն մանկութեանս օրերէն ինչեր կան, որ… հազուագիւտ, շատ բան չեմ յիշեր։
    • Կարգ
          • Նպառավաճառներու կարգերը կար, խաղալիքներ, պզտիկ մզտիկ։ Ասանկ բան ծախող մարդ մը կար, կու գար ՊՀի հրապարակը։ Այն ատեն հրապարակ ալ չէր։ Կիս կատար բան մըն էր։ Եւ մեծ հայրիկս՝ Հաճի պապան, կու գար, ատենը մէյ մը ինչու չեմ գիտեր, կ՚երեւի գործ պիտի ընէ ըսելով, կը դնէր հետը կը ղրկէր (ինծի՞), Ամառ կամ դպրոց աւարտած շրջան էր կ՚երեւի, եւ խեղճին գլուխը կ՚արդուկէի կը կենայի այդ կարգին քովը, անպայման ոտքս կը կոխէի որ ատի կ՚ուզեմ եւ չեմ քալեր մինչեւ չառնէ։ Եւ խեղճս տուն կ՚առնէ եւ տուն կու գայ մամայէս խօսք կը լսէ որ ինչ պէտք կար այդ անպիտան ապրանքը արիր։

 

    • Դրամուայ եւ պաս
          • Ես չեմ յիշեր բաձարցակ։ Չեմ գիտեր, չեմ տեսած։ Բայց պասերը կու գային հոն կը կենային։ Գիտես, Լիբանանցիները ամառ չեկած ծով կը վազեն։ Կը յիշեմ մարդը եալլա Ճիւնը Մաամըլթէն կը պոռային եւ ես այն ատեն հաւատայ չէի ալ գիտեր ճիւնի մաամըլթէն ուր է ինչ է։ Մի ըսեր որ ծով գացողները այդ պասը կ՚ըլլեն եւ ծով կ՚երթան։
    • Մածուն ծախող
          • Կը յիշեմ թաղին մէջ Մածուն ծախող մարդ մը կար։ Չեմ գիտեր որ այդ մարդը հայ էր կամ ոչ, բայց հողէ պտուկ ամաններով մածուն կը ծախէր։ Մենք օրկան մէկ պտուկ մածուն մեր տունը կը սպառէր քանի որ բազմանդամ էինք եւ թաղին ալ մէջն էր անմիջապէս։ Ուր է սինեմա սանթրալը։ Հոն է, Արին սենդըրին ետեւը կողմը կամ դէպի այն կողմ տանող ճամբան։ Կամ սինեմա սեւա՞ն է, այդ թաղին մէջ։ Շատ համով մածուն որ կեանքիս մէջ անգամ մըն ալ չեմ կերած այդ մածուններէն։

 

    • Հացագործ
          • Մեր տան թաղը հացագործ ալ կար։ Չէ հայ չէր հացագործը, քանի որ արաբերէն ինչպէ՞ս պիտի ըսեմ հացը առնելու համար 50 անգամ կրկնելէն կ՚երթայի կարգի կը կենայի։ Պատտի քիլօ Խպզ, պատտի քիլօ խպզ միտքէն մինչեւ մարդուն քովը հասնիլս եւ բարձրաձայն ըսելս։ Կը յիշեմ այն ատենուայ 50 ղուրուշն էր։ Կու տայի կ՚առնէի եւ տունը կ՚ելլէի։
    • Վարսայարդար Ռիթա
          • Երկու քոյր Ազատ եւ Ռիթա կ՚աշխատէին ճիշդ մեր տան դիմաց սինեմա սանդրալ… 2րդ յարկն էր տուներնին։ Մամաս կ՚երթար մազը կը շինեցնէր քովերնին։ Տունի մէջ էր։ Գրեթէ տունին մէջ էր։

 

    • Փօլ Այվազեան
          • Փօլը կար Խանութ ունէր բանի վրայ։ Ատիկա իմ մանկութեանս օրերէն չէր։ Բայց Ռիթայենք մանկութեանս օրերէն էր։ Չեմ յիշեր ինչ եղաւ, որ գացին Ռիթայենք, մամաս Փօլին երթալ սկսաւ։ Մենք այս տունը եկած ատեննիս նոյնիսկ մամաս կ՚իջնէր անոնց կ՚երթար այսինքն, ՊՀ։ Ռիթայենց։
    • Քուաֆէր Սեդա
          • Ես պզտիկ եղած ատենէն գիտէի որ մամաս կ՚երթայ դիմացի շէնքը Ռիթայենց քով։ Մինչեւ այս տունը եկանք Ռիթայենց կ՚երթար։ Բայց անոնք ճամբորդեցին ինչ ըրին չեմ գիտեր ինչ եղան։ Մեռա՞ն արդեօք, չեմ գիտեր։ Ուրեմն մամաս սկսաւ երթալ Փոլին մազերուն շինեցնելու համր։ Յետոյ յանկարծ ինչպէս եղաւ չեմ գիտեր ծանօթացաւ շիրքէթ միրքէթ կ՚երթային։ Այդ թաղին մէջ բարեկամուհիի մը տուն այդ միջոցաւ կը ծանօթանայ քուաֆէր Սեդային։մ Փօլը կը ձգէ մամաս կ՚երթայ քուաֆէր Սեդային, որուն խանութը Աստուածածին եկեղեցիէն դէպի Ս. Փրկիչ, ՊՀի ներքին բաժին, ուր բր ահագին նպառավաճառներ կան։ Բաւական ատեն Սեդային հոն գնաց։ Վերջը Սեդան Master Mall գնաց, խորհելով, որ ահագին հաճախորդ ունէր, մէկ հատ պզտիկ խանութ մը ունէր երկու աստիճան բարձր, խորհեցաւ, որ հաճախորդները հոն ալ պիտի գան, master mall-ի մէջ ատ խոշոր տեղ աւելի ասանկ արդիական յարդարանքով խանութ մը։ Պարտքով առաւ, պարտքին տակէն դուրս չի. Կրցաւ ելլել, ուզէ չուզէ գոցեց եւ գնաց արաբական չեմ գիտեր որ երկիր աշխատելու որպէսզի պարտքերը գոցէ։ Իմացայ որ քանի մը հոգի ծանօթներէ որ որոնցմէ պարտքեր առած է, որ գոցեր է պարտքերը։ բայց մէկ հատ ալ չեկաւ Լիբանան։ Ինչ որ, շատ դժբախտ էր։ Ամուսնական բանով շատ դժբախտ էր քանի որ ամուսինը խման, ծեծան, այսինքն թէ անոր պէտքերը կը հոգայ, թէ մէկ հատիկ զաւակ մը ունէր, զաւակը մինչեւ մեծցնէ խելքի գլուխը բերէ մաշեցաւ, անոր հետ ալ դժուարութիւններ ունեցաւ։ Ուր հասաւ ինչ ըրաւ հիմա չեմ գիտեր։

 

    • Քուաֆէր Յովիկ
          • Բայց մամաս հիմա Սեդան գնաց ալ չիկայ, միջոցին Յովիկ անունով երիտասարդի մը, որ առաջին յարկի վրայ կը գործէր Շիրակին թաղը։ Շիրակէն դէպի գետ տանող ճամբուն վրայ։ Յովիկը անճարցի էր, երիտասարդ նորելուկ տղայ էր։ լաւ էր, ես ալ մէկ երկու անգամ գացի մազս կտրեցուցի կամ մէշ ըրի։ Չեմ գիտեր։ Բայց օր մըն ալ Յովիկը ինչու չես գիտեր որոշեց որ Այնճար պիտի աշխատի քանի որ այնճարցի է։ Յովիկ ալ չիկայ։
    • Քուաֆէր Մարալ
          • Միջոցին Փոլին քով աշխատած աշակերտուհի մը Մարալ անունով, որ մօրքուրդ զինքը կը կանչէր մազերը կտրեցնելու համար իր տունը։ Մեզի ծանօթացուց Մարալին։ Ատկէ ի վեր մօթօրսիքլէթ քշող Մարալը կու գայ մեր մազերը կը շինէ։